Քանատա

Jump to navigation Jump to search
Քանատա
Canada եւ Canada
Հիմնական տեղեկութիւններ
պաշտօնական լեզու անգլերէն[1][2] եւ Ֆրանսերէն[1][2]
Մայրաքաղաք Օտտավա[3]
Պետութեան վարչակարգ {{{պետութեան վարչակարգ}}}
Ազգաբնակչութիւն. {{{բնակչութիւն}}} ({{{խտութիւն}}}/քմ²)
Պետական Վերագրումներ
ազգային ոգերգ {{{ազգային ոգերգ}}}
Արժոյթ {{{արժոյթ}}} ({{{արժոյթի գօտի}}})
Համացանց | ISO | հեռախօսային համակարգ


Քանատայի դրօշ
Քանատայի քարտէս
Օթթաուա

Քանատան կամ Գանատան (անգլերէն՝ Canada ˈkænədə), ֆր.՝ Canada kanaˈda), պետութիւն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, իսկ տարածքի մեծութեամբ կը հանդիսանայ՝ աշխարհի 2-րդ պետութիւն։ Տարածութիւնը 9.976.000 քմ² է, բնակչութիւնը՝ 35 մլն մարդ (ըստ 2015 թուականի կատարուած մարդահամարի տուեալներուն[7])։ Մայրաքաղաքը՝ Օթթաուա։ Վարչականօրէն բաժանուած է 10 նահանգի եւ 2 երկրամասի։

Պետական կարգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանատան խորհրդարանական համակարգով սահմանադրական միապետութիւն է, կը հանդիսանայ երկլեզուանի եւ բազմամշակութային երկիր, որտեղ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները դաշնային մակարդակով ճանչցուած են, որպէս՝ պետական լեզուներ։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ՛ողողուի Ատլանտեան, Խաղաղական եւ Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոսներով, կը սահմանակցի ԱՄՆու հետ հարաւէն եւ հիւսիս-արեւմուտքէն, Դանիայի (Կրենլանտիա) հետ հիւսիս-արեւելքէն եւ Ֆրանսայի (Սեն Պիեռ եւ Միքելոն) հետ արեւելքէն։ Քանատայի՝ ԱՄՆու հետ սահմանը կը համարուի աշխարհի ամենաերկար ընդհանուր սահմանը։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանատայի հեռաւորութիւնը հիւսիսային բեւեռէն ընդամէնը 1000 քմ է, իսկ հիւսիսային մագնիսական բեւեռը կը գտնուի ուղղակի Քանատային մէջ։ Քանատան Մեծ Ութնիակի անդամ երկիր է։ Քանատան բաժնուած է 10 նահանգի եւ 3 դաշնային տարածքի։

Քանատան արդիւնաբերական զարգացած երկիր է, ունի բազմաճիւղ տնտեսութիւն, որ հիմնուած է հարուստ բնական աղբիւներու եւ առեւտրի վրայ (մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ-ու հետ համատեղ Քանատան կը համագործակցի դեռեւս գաղութներու գոյութեան եւ Համադաշնութեան հիմնման ժամանակաշրջանէն)։ Քանատայի մայրաքաղաքն է Օթթաուան, Օնթարիօ նահանգին մէջ։ Հիմնուած ըլլալով 1534 թուականի ֆրանսացի հետախոյզ Ժագ Քարդիէի կողմէն՝ Քանատան իր սկիզբն առած է ֆրանսական գաղութէն, զոր կը գտնուի ժամանակակից Քէպեք քաղաքի տեղը, որ սկզբնապէս բնակուած եղած է տեղացի ժողովուրդներով։

Անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանէն յետոյ պրիդանական երեք գաղութներու միութենէն (որոնք մինչ այդ Նոր Ֆրանսայի տարածքներէն կը համարուէին) ծնաւ Քանատական համադաշնակցութիւնը։ Քանատան Միացիալ Թագաւորութիւնէն անկախութիւն ստացաւ խաղաղ գործընթացի արդիւնքէն 1867 թուականէն 1982 թուական։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]